2010-08-02 12:34:36

ՀԱՄԱ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 9-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ` ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ։


ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ բանակումի մասնակիցները որոնք իրենց բանակումը կը կատարեն Հայաստանի մէջ, իրենց բանակումի երկրորդ օրը սկսան Երեւան այցելութեամբ եւ առիթն ունեցան շրջելու Երեւանի մէջ, այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Սարգիս եւ Ս. Զօրաւոր եկեղեցիները, զանազան թանգարաններ, իւրայատուկ «վերնիսաժ»ը, ապա իրենց խանդավառութեամբ լեցուցին Երեւանի զանազան ճաշարանները։ Յետմիջօրէին, բանակումի մասնակիցները ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին վարչութեան կողմէ որմէ ետք ալ բոլորը հաւաքուեցան անմար կրակին շուրջ եւ իրենց կարգին մէկական ծաղիկներ զետեղեցին։ Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Յարութ Յարութիւնեան նշելով որ անկարելի է, որ ՀՄԸՄ իր ձեռնարկներուն ընթացքին չյիշէ եւ չյարգէ անմեղ նահատակներուն յիշատակը։ շեշտելով որ եթէ սփիւռք գոյութիւն ունի, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը դաժան իրողութիւն մըն է։ Մասնակիցները, միասնաբար երգեցին «Յառաջ նահատակ» քայլերգը՝ արտայայտելով իրենց պայքարելու վճռակամութիւնը։

Ապա, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի յատուկ դասաւորումով, անոնք առիթը ունեցան այցելելու Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ականատես վկաները ըլլալու հոն տեղադրուած փաստերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.